2015-06-09 09:21:00

Միջազգային մամուլը` Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին


Միջազգային մամուլը լայնօրէն անդրադարձած է Յունիս 7-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որուն արդիւքնով ձեւաւորուած է 25-րդ գումարման ազգային ժողովը: Այս մասին կը գրէ ermenihaber-ը:

Թրքական «Haberturk» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` ընտրութիւններուն վերաբերեալ միջազգային մամուլին մէջ հետեւեալ մեկնաբանութիւնները եղած են:

BBC
«Կ’երեւի, որ այս ընտրութիւնները վերջ կու տան ԱԶԿ-ի` 13  տարի տեւած միակուսակցական իշխանութեան եւ տակնուվրայ կ’ընեն նախագահ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի` սեփական իրաւասութիւնները ընդլայնելու ծրագիրները»:

Ֆրանսական Agence France Press լրատուական գործակալութիւն
«Համաձայն հեռուստաեթերի` «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւն»ը (ԱԶԿ-AKP) յառաջատար է, բայց խորհրդարանին մէջ կը կորսնցնէ մեծամասնութիւնը: «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը» (ԺԶԿ-HDP) կը հատէ նուազագոյն շեմը (10%): Իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ ԱԶԿ-ը իր իշխանութեան գալէն (2002 թուական) ի վեր առաջին անգամ հարկադրուած պիտի ըլլայ դաշնակցութիւն կազմելու»:

Ամերիկեան «Associated Press» լրատուական գործակալութիւն
«Համաձայն Թուրքիոյ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն` ընտրողները չեն ցանկար, որ իշխող կուսակցութիւնը սահմանադրական փոփոխութիւններ ընէ: Արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը կը կորսնցնէ  մեծամասնութիւնը խորհրդարանէն ներս»:

Բրիտանական «The Guardian» պարբերական
«Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի` «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը 2011-ին իր ստացած իր 49 տոկոս ցուցանիշէն յետընթաց ապրած է` հասնելով 41  տոկոսի»:

Գերմանական ZDF հեռուստատեսութիւն
«Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը» եւ երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողան ստիպուած են դաշնակցութիւն մը ստեղծելու ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն հետ: Էրտողանի նախագահական համակարգը դժուարին կացութեան մէջ է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.